Jump to content

Արմաւ

10:31, 26 Օգոստոս 2024ի տարբերակ, Azniv Stepanian (քննարկել | Ներդրումներ)ի կողմէ
(տարբ.) ←Նախորդ տարբերակ | Վերջին տարբերակ (տարբ.) | Յաջորդ տարբերակ→ (տարբ.)
Արմաւի Ծառ

Արմաւ (անգլերէն՝ Palm), իր պարունակած կենսանիւթերու եւ միքրօտարրերու շնորհիւ կը համարուի լման սնունդ ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար, անոնց պարգեւելով ուժ, աշխուժութիւն եւ կանխարգիլելով կարգ մը հիւանդութիւններ:

Բուսակերներու եւ արեան տկարութիւն ունեցողներու համար ան անփոխարինելի է, շնորհիւ իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ պարունակած 1.6 մլկ. երկաթին, քանի որ հասուն մարդու պահանջը օրական 0.9մլկ. է: Պարունակած շաքարի տոկոսը կը հասնի 70-ի, իսկ 100 կրամը ունի 250 ջերմուժ: Հարուստ ըլլալով բնաթելերով , ունի լուծողական յատկութիւն, կը պայքարի պնդութեան դէմ, ինչով եւ պայմանաւորուած է անոր դիւրամարս ըլլալը: Կը տարբերենք արմաւի 1500 տեսակ, դեղինէն ոսկեգոյն եւ մինչեւ մութ սրճագոյն: Արմաւը կը պարունակէ փրոթին, ածխաջրատներ, երկաթ, ֆոսֆոր, քալսիում, բոլոր կենսանիւթերը բացի Vit. Eէն: Պարունակած ամինաթթուներու քանակով, ան կը գերազանցէ պանանը եւ խնձորը: կը պարունակէ ֆլիւոր, որ անհրաժեշտ է առողջ ակռաներ ունենալու համար եւ սէլենիում՝ օրկանիզմի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար: Արմաւը կը նպաստէ սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլման:

Արմաւէն պէտք է զգուշնան սննդականոնի հետեւողները, սակայն բնական կշիռքի ժամանակ , զայն կարելի է օգտագործել քաղցրաւենիքի փոխարէն: Արմաւները կը համարուին հնագոյն բժշկութեան ամէնալաւ միջոցը ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու բուժման համար: Տեւական օգտագործման պարագային, աղիքներու մէջ կը ստեղծուի օգտակար մանրէներու կազմ:

Աղիքներու աշխատանքը խթանելու համար կէս լիթր ջուրին մէջ եռացնել 5 արմաւ , խմել առտու եւ իրիկուն , կամ ուտել 5արմաւ, ապա խմել մէկ գաւաթ գաղջ ջուր: Արմաւը կ'օգնէ կերակրափողի այրոցի պարագային եւ պարունակած կլութամինաթթուի շնորհիւ կը չէզոքացնէ աւելորդ ստամոքսահիւթը: Արմաւը ուղղակի ուժանիւթի աղբիւր է, բառացիօրէն կը լիցքաւորէ մարմինը: Օգտակար քաղցրաւենիք է , որ կ'ապահովէ մարմնի ֆրուքթոզը եւ կլուքոզը: Ան կը պարունակէ մեծ քանակով Vit.B5, ապահովելով մկաններու աշխատունակութիւնը, մանաւանդ մարզիկներու մօտ: Ուղեղի մտային լարումներու ժամանակ անփոխարրինելի է, շնորհիւ իր պարունակած կլուքոզի եւ B խումբի կենսանիւթերուն: Երբ յղի կամ դիեցնող կինը իր սննդաբաժնին մէջ արմաւ կը սպառէ, երեխան կը ստանայ աճի համար անհրաժեշտ լիարժէք կենսանիւթեր եւ միքրօտարրեր:

  • «Առողջութիւնն Ու Սնունդը», Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան, Պէյրութ 2007։